451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին՝ հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական
հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց Զօրավարներն ու 1036 Մարտիրոսները Հայ
Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են: «Իրենց նահատակութեամբ Անոնք հաստատեցին Հայ
ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն
ընդունելէն ի վեր հայ եկեղեցին սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ
գործին: Ոչ միայն օրհնած է հայ մարտիկները պատերազմ երթալու ժամանակ, այլ նաեւ՝ կռուած
է անոնց հետ»,: Աւարայրի ճակատամարտի ականատես, 5րդ դարի պատմիչ Եղիշէն գրած է. «Եւ
սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան, եւ եթէ
զօրքի բազմութեան մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտեցին եւ առաւօտեան Սուրբ
հաղորդութիւն ընդունեցին»: Վարդանանց Տօնը սովորաբար կը նշուի Մեծ Պահքին նախորդող
հինգշաբթի օրը: Տօնի առիթով բոլոր Հայ Եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս.Պատարագ: