2012-02-15 12:50:57

Վատիկանի Արտգործ Նախարարը Կ'ընդգծէ Քրիստոնէութեան Կարեւորութիւնը Արեւմտեան Ընկերութիւններու Մէջ։


Գերապայծառ Մամպերթին Վատիկանի մէջ հանդիպում ունենալով Անգլիոյ խումբ մը նախարարներու հետ, յիշեցուց քրիստոնէութեան կարեւորութիւնը արեւմտեան ընկերութիւններու մէջ։ Արեւմուտքի կառավարութիւնները ճանչնալով հանդերձ իրաւունքը ապրելու ամէն անհատին հաւատքը, միաժամանակ կ'աշխատին քրիստոնէութիւնը կղզիացնել ու սահմանափակել անհատական ծիրէն ներս։ Կրօնքին առանձնացումով մշակոյթը կը վնասուի եւ հետեւաբար ընկերութիւնը։ Անցեալ դարու ողբերգական պատմութիւնը աշխարհի ցոյց կու տայ թէ որքանով ընկերութիւնը կը վնասուի կրօնքի սահմանափակումով ու հալածումով։ Կրօնքը ընկերութեան համար վտանգ մը չէ, ընդհակառակն կը սատարէ մարդու յարգանքին ու կ'երաշխաւորէ մարդու իրաւունքները։ Հուսկ Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց որ կրօնական երկխօսութիւնը յոյժ կարեւոր է կանխարգիլելու ընդհարումները եւ ժողովուրդներու միջեւ հաստատելու փոխադարձ յարգանքը ու խաղաղ համակեցութիւնը նաեւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.