2012-02-15 12:50:23

Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշանթի 15 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ համախմբուած՝ բազմահազար ուխտաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնը անդրադրաձաւ Ղուկաս աւետարանին մէջ յիշուած՝ Յիսուսի խաչին վրայ արտասանած այս նախադասութեան իմաստին՝ ՜՜Տէր ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն՝՝։
Այս նախադասութեամբ - ըսաւ սրբազան քահանայապետը- Յիսուս կը բարեխօսէ իր Հօր առջեւ ու ՜՜ներում՝՝ կը խնդրէ իր դահիճներուն համար։ Ու այսպէսով Յիսուս կը լիացնէ իր աշակերտներուն սորվեցուցած՝ թշնամիներու հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւնը, հաստատելով որ ՜՜դահիճները գիտակից չէին թէ ինչ կ՝ընէին՝՝ ասոր համար պէտք է որ բաց պահուէր իրենց առջեւ ապաշխարութեան ուղիի դուռը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կը խօսի Բարի աւազակին մասին որուն Յիսուս կը վստահեցնէ .՜՜այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ՝՝ այս նախադասութեամբ Յիսուս կը յայտնէ Աստուծոյ անհուն սէրը ու այն սիրոյ հադէպ յոյսը նոյնիսկ մինչեւ կեանքի վերջին պահը։ ՜՜Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս՝՝ Յիսուսի վերջին նախադասութիւնն է խաչին վրայ, Ան ապահով ձեռքերու մէջ կը դնէ հոգին։ Մենք ալ սիրելի բարեկամներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ունենանք այն վստահութիւնը որ հակառակ չարչարանքներուն եւ դժուարութիւններուն` պիտի մնանք միշտ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։ Ան մեզ ստեղծեց, նեցուկ կը կանգնի մեզի, ու մեզի կ՛ընկերակցի մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն մատնանշելով՝ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու տօնին՝ որոնք Սլավ ժողովուրդներու առաքեալները եղած են։ Թող այս սուրբերուն վկայութիւնը ձեզ օգնէ ըլլալու դուք եւս աւետարանի առաքեալներ։ Աւետարանը որ անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային նորոգումի էական աղբիւր է։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Մեծն Պրիտանիոյ կառավարութեան նախարարներու պատուիրակութեան անդամներուն որ` Մեծն Պրիտանիոյ Սուրբ Աթոռի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ տարեդարձին առթիւ (1982̓), պաշտօնական այցելութեամբ Հռոմ ժամանած է։
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Մեծն Պրիտանիոյ վարչապետի ներկայացուցիչը՝ Տիկին Սայիտա Հուսէյն Ուարսի որուն կ՛ուղեկցի նաեւ Ուսդմինսդէրի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Վէնսան Նիգոլաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.