2012-02-15 12:33:58

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴԱՑԻ


Չորրորդ դարու մէջ ծաղկեցաւ նաեւ ծագումով յոյն հեղինակ մը` Փաւստոս Բիւզանդացի։ Ոմանք կը կարծեն թէ ան հայ է եւ Բիւզանդացի կոչուած է պարզապէս որովհետեւ այդ քաղաքին մէջ ուսանած էր։Սակայն Ներսէս Պարթեւ մեծ կաթողիկոսի մօտ` ներկայութիւնը Փաւստոս անունով յոյն եպիսկոպոսի մը` (որպէս խորհրդատու) մեզ գրեթէ կ՚ապահովեցնէ որ նոյն անձն է որ գրած ըլլայ նաեւ Հայոց Պատմութիւնը` քանի այդ շրջանին` Հայերը գիր չունենալով տակաւին հազուադէպ է որ զբաղած ըլլային գրականութեամբ` մասնաւորապէս հայկական պատմութեան վըրաբերեալ. պիտի տեսնենք այլ հեղինակներ` ծագումով հայ` որոնք սակայն զարգացուցած են հելլենական գրականութիւնը։
Ղազար Փարպեցի կը պաշտպանէ զինք չարախօսողներու եւ բամբասողներու դէմ ջատագով հանդիսանալով Փաւստոսի անձին եւ յօրինած պատմութեան։Բիւզանդացիի յունարէն բնագիրը մեր ձեռքը չէ հասած, սակայն հայերէն թարգմանութիւնը ծանօթ է բոլոր յետագայ հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ հասած է գրեթէ անաղարտ կերպով մինչեւ մեր օրերը։
Փաւստոսի գրած պատմութիւնը կ՚ընդգրկէ միայն 29 տարիներ` սկսելով Տրդատի որդի` Խոսրով Բ. Կոտակի թագաւորութենէն կը հասնի մինչեւ Արշակ Բ.ի թագաւորութիւնը` եւ Ասպուրակէսի կաթողիկոսութեան շրջանը։Սկիզբը` համառօտ կերպով կու տայ նշմարներ Թադէոսի Հայաստան կատարած առաքելութեան մասին` ինչպէս նաեւ Տրդատի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի պատմութեան շուրջ` շատ հակիրճ կերպով նշելով Հայերու դարձը դէպի քրիստոնէութիւն. այդ շրջանի պատմութեան մասին կ՚ըսէ. ՙԱյն ամենայն ի ձեռն այլոց գրեցանՙ այսինքն ուրիշներ գրեցին արդէն այդ մասին։ Հաւանաբար կ՚ակնարկէ Ագաթանգեղոսի եւ Ղերուբնայի պատմութիւններուն` որոնց ժամանակակից էր Փաւստոս։
Բիւզանդացիի պատմութիւնը ներբող մըն է Հայ կաթողիկոսներուն` Լուսաուորչի շառաւիղներուն ընդդէմ նոյն շրջանին ապրող հայ թագաւորներուն` որոնք իրենց անօրէն բարքերով նուաստացուցին քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակող Տրդատի արժէքը։Յաճախ Կաթողիկոսները հալածուեցան թագաւորներու կողմէ,ոմանք նոյնիսկ մարտիրոսացան անոնց ձեռամբ. ակնարկ մըն է անշուշտ Յուսիկ Կաթողիկոսին որ սպաննուեցաւ Տիրան թագաւորի հրամանով։
Սակայն նոյնիսկ այս կերպով, Փաւստոս շատ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կու տայ մեզի նոյն շրջանի քաղաքական պատմութեան մասին։Կարգ մը դրուագներ մեզի ծանօթ են միայն իր գրութեամբ. զոր օրինակ` Մանավազեան եւ Որդունի նախարարական տուներու միջեւ հակառակութիւնը որ կռիւներու եւ բախումներու առիթ տուած է հայկական բանակներու միջեւ. Մազքութ ցեղի թագաւորին արշաւանքը հայոց վրայ եւ անոր ամօթալի պարտութիւնը. Բակուր իշխանին ապստամբութիւնը հայոց թագաւորին դէմ. Վաչէ Մամիկոնեան մեծ զօրավարին պատերազմները Պարսիկներու դէմ` եւայլն։
Արշակ թագաւորի կեանքն ու գործունէութիւնը` լաւ թէ գէշ` կը նկարագրէ մանրամասնօրէն` պախարակելով նաեւ այդ շրջանի մէկ կաթողիկոսը` Աթանագինէս, որ ամօթ կը բերէ կաթողիկոսական պաշտօնին։ Սակայն ի վերջոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի թոռնորդիներէն մին, Ներսէս` դարձեալ կը հանդիսանայ փառքն ու պատիւը հայ Եկեղեցւոյ. Այդ Պարթեւ Հայրապետը, որուն նման եւ ոչ մէկը մեր թագաւորներէն անչափ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի քաղաքական իշխանութեան վրայ եւ որուն հաւասար անձ մը` կրնանք ըսել` հազուագիւտ է թէ հին թէ նոր պատմութեանց մէջ` կ՚ըսէ Հայր Գարեգին Զարբհանալեան իր ՝՝պատմութիւն հայ հին դպրութեան՝՝ գրքին մէջ։
Սակայն դժբախտաբար Ներսէսի սրտին, հոգիին ու հայրագութ թելադրութիւններուն անարժան անձ մը հանդիսացաւ Արշակ թագաւորը որ` մտիկ չընելով այդպիսի բարերար հօր մը ձայնին` անօրէն գործերով` բոլոր Հայաստանի ատելի դարձաւ։
Արշակի գլխաւոր մէկ չարագործութիւնը տեղի ունեցաւ երբ սպաննել տուաւ իր եղբօրորդին Գնէլը որպէսզի ամուսնանար անոր Փառանձեմ անունով կնոջ հետ։ Փաւստոս կը պատմէ Արշակի մահը Պարսկաստանի Անյուշ բերդին մէջ, ապա իր Պապ որդւոյն թագաւորութիւնը` որ անօրէնութեամբ տարբեր չեղաւ իր հօրմէն։ Ան թունաւորել տուաւ Ներսէս Կաթողիկոսը։ Սակայն ինք եւս մեռաւ բռնի մահուամբ եւ իր յաջորդը` Վարազդատ սպաննել տուաւ հայազգի մեծ հերոս` իշխան Մուշեղ Մամիկոնեանը։Այս բոլոր պատմութիւնները անշուշտ տխուր վերջ մը պիտի ունենային եւ Հաաստանը պիտի բաժնուէր Պարսիկներու եւ Յոյներու միջեւ` Արշակ Բ. ըլլալով թագաւոր պարսկական մասին վրայ։
Վեց գրքերէ կազմուած է Փաւստոսի Պատմութիւնը որոնց վերջինը կը թուի անհարազատ ըլլալ` որով չի համապատասխաներ առաջին հինգ գրքերու ոճին ու պատմական նկարագրին։ Գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է Պոլիս 1721-ին` ապա, Վենետիկ` 1831-ին։ Լանկլուաի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 1867-ին։ Գերմաներէն թարգմանութիւն մըն ալ եղած է 1879-ին։

Ահա դարձեալ օտար հեղինակ մը որ ապրած է Հայոց միջեւ եւ մեզի նկարագրած է անկասկած մեր պատմութեան կարեւոր էջերէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.