2012-02-15 12:53:13

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տեառընդառաջի Առթիւ Ուղղած Պատգամին Մէջ Շեշտը Կը Դնէ ՜՜Հայ Մանուկին Կազմաւորման Կենսական Կառոյցներուն՝ Ընտանիքին, Դպրոցին Եւ Եկեղեցւոյ՝՝ Վրայ։


Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան ընթացքին ուղղած իր պատգամին մէջ վեհափառը ըսաւ, թէ «Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան առնչուած դէպքերու յիշատակումը եւ տօնախմբութիւնը, սոսկ անցեալը յիշելու ու աւանդութիւն մը յարգելու համար չէ որ կը կատարուի, այլ՝ կը հրաւիրէ հաւատացեալները մասնակի՛ց դառնալու յիշեալ տօնէն եկող խորհուրդին ու պատգամին եւ այդ մասնակցութեամբ իր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու կեանքը պայծառակերպելու»:
«Երբ խորաթափանց մտքով կարդանք Աւետարանները, ըսաւ վեհափառը, պիտի տեսնենք, թէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի մանկական ու պատանեկան շրջանին երեք իրականութիւններ առանցքային ներկայութիւն դարձած են. ընտանիքը, տաճարը եւ մովսիսական օրէնքներու ուսուցումը» ասոր համար, աւելցուց ան, «Ես պիտի ուզեմ, որ մեր մանուկներու դաստիարակութիւնը կատարենք Յիսուս մանուկի կեանքի՛ն օրինակով: Այլ խօսքով` ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին կեդրոնական տեղ պէտք է գրաւեն հայ մանուկի հոգեւոր, բարոյական ու ֆիզիքական աճման եւ կրթութեան մէջ»: Հայ ընտանիքին մթնոլորտը պէտք է պահել առողջ` բարոյական, հոգեւոր ու ազգային իմաստով. տան մէջ, ընտանեկան յարկէն ներս է որ պիտի կրթուի վաղուան քրիստոնեայ ու հայ մանուկը»:Նոյնքան կարեւոր է է հայ դպրոցին դերը մեր մանուկներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ: Հայ մանուկին նկարագիրը հայ դպրոցին մէջ է, որ կը կերտուի. հայ մանուկին քրիստոնէական ու ազգային ինքնութիւնը հայ դպրոցին մէջ է, որ կը կազմաւորուի: Հայ կեանքին մէջ օտար դպրոցին ներկայութիւնը օտարացնող ազդակ մըն է. այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ չափազանցօրէն զգուշ: Մեր մանուկները պէտք է յանձնել հայ դպրոցին. հո՛ն է իրենց հարազատ տունը»: Վերջապէս, անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ, վեհափառը ըսաւ. «Մանուկը ընծայեցին Աստուծոյ տան: Հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, մեր բոլորին հարազատ ընտանիքն է. այս ընտանիքին հայրը Աստուած է: Հետեւաբար, մեր զաւակները իրենց մանուկ տարիքին պէտք է յանձնենք այս տան, որպէսզի անոնք հեռու մնան կեանքի ապականիչ հոսանքներէ ու վտանգալից փոթորիկներէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.