2012-02-14 13:25:03

Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութիւն՝ Պէյրութի Եւ Հռոմի Մէջ։


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը ամբողջ շաբաթ մը նուիրեց
(8-17 փետրուար) նշելու՝ հայոց զօրավարներն ու մարտիկները։
՜՜Պահանջատիրութիւնը Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Ամբողջական Յաղթանակ- Հայկէն Սասունցի Դաւիթ, Քաջ Վարդանէն Արցախի Հերոս եւ Խիզախ Նահատակներ՝՝ թեմայով։
8 Փետրուարին վարժարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Վարդանացի պատի թերթի մրցումը. 10 Փետրուարին Արցախի նուիրուած ասմունքի մրցում.
Վարժարանի Աշակերտները պատրաստեցին նաեւ՝ Արցախի դրօշը եւ Արցախի քարտէսը։
15 Փետրուարին Վարդանացի տօնին նախօրեակին տեղի կ՝ունենայ Վարդանացի նուիրուած դասախօսական հանդիպումը. կը բանախօսէ Անի Թորանեան զօրավարաց դերին մասին, իսկ գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ Վրդ Կռանեան կը բանախօսէ Վարդանանց զօրավարներու եւ եկեղեցւոյ դերը հայ ազգի ու կրօնքի պահպանման գործին մէջ. նիւթին մասին։
Միջնակարգի աշակերտները կը մասնակցին ՜՜Եթէ ես ըլլայի Արցախի բնակիչ՝՝ թեմայով շարադրութեան մրցումին։
Իսկ 17 Փետրուարին տեղի կ՝ունենայ Արցախի վերականգնման նուիրուած հանդիսութիւն որուն ընթացքին կը բանախօսէ Բենիամին Պչաքճեանը։
Մեսրոպեան վարժարանը այսպէս ամբողջ շաբաթ մը կը նուիրէ հայ ազգը ու Քրիստոսի կրօնքը պահպանելու գործին նահատակուած ու իրենց արիւնը թափած հերոսներուն, որպէսզի անոնց յիշատակը միշտ ապրի ու վառ պահուի մեզմէ իւրաքանչիւրին մտքին ու սրտին մէջ։
Հռոմի մէջ, Լեւոնեան Հայ վարժարանի տեսչութիւնը ու Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը կազմակերպած են ՜՜Վասն Կրօնի ու Հայրենեաց՝՝ մարտիրոսներու՝ Վարդանանց Զօրավարաց տօնակատարութիւնը, Հինգշաբթի 16 Փետրուարին ։ Հանդիսաւոր Ս Պատարագը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 18-ին, Ս. Նիկողայոսի Անուան Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ։ Պատրաստուած է նաեւ պատշաճ յայտագիր մը՝ դասախօսութիւն, ասմունք եւ համերգ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հայազգի ծանօթ թենօր Կարուշ Վարդանեան։ Աւարտին վարժարանի դահլիճը տեղի պիտի ունենայ նաեւ ընդունելութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.