2012-02-14 13:25:53

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Խումբ Մը Աւստրիացի Ուսանողներ։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 12 Փետրուարին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց հայագէտ Եասմին Դունթղաութին եւ իրենց ընկերակցող խումբ մը աւստրիացի կաթողիկէ ուսանողները։ Եասմին Դունթղաութը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառին այս ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց այցելութեան նպատակը։ Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Աւստրիայի տարբեր քաղաքներու եւ համալսարաններու ու եւ տարբեր մասնագիտութիւններ ունեցող ուսանողներու այս խումբը ամէն տարի կ՝այցելէ քրիստոնեայ երկիր մը։ Այս տարի խումբը այցելեց Հայաստան, ծանօթանալու՝ հայկական հարուստ մշակոյթին, պատմութեան, եկեղեցւոյ եւ առհասարակ հայերու առօրեայ կեանքին։ Գարեգին Բ. ուրախութիւն յայտնեց ուսանողներուն իրենց կատարած այցելութեան համար, նշելով՝ որ այս այցելութիւնը կը յիշեցնէ իր ուսանողութեան տարիները Աւստրիոյ մէջ։ Վեհափառը ապա իր օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդներուն մաղթելով, որ Հայաստանի հարուստ հոգեւոր մշակոյթը իրենց համար դառնայ ՜՜աղբիւր նորանոր ներշնչումներու՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.