2012-02-14 13:23:56

2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքի Զինանշանը Կը Կրէ Պրազիլի Դրօշակին Գոյները։


Յուլիս 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին զինանշանը պաշտօնապէս յայտնուած է հանրութեան, անիկա կը պատկերացնէ սիրտ մը Պրազիլի դրօշակի գոյներով` կանաչ, դեղին եւ կապոյտ, որուն խորքը կը յայտնաբերուի ստուերը՝ Գորգովատոյի Փրկիչ-Քրիստոսի նշանաւոր արձանին, զինանշանը մտայղացած է 25-ամեայ Գիւսդավօ Հիւկենին։ Սրտին վերի մասը կանաչ է եւ կը խորհրդանշէ լեռները, վարի մասը կապոյտ որ կը խորհրդանշէ ծովը։ Բազուկները տարածած Քրիստոսը դեղին գոյնով է եւ կը ոգեկոչէ Պրազիլի եկեղեցին։ Մէկ խօսքով՝ զինանշանը կը խորհրդանշէ երիտասարդներու առաքելութեան կանչը Քրիստոսի կողմէ Մատթէոսի Աւետարանի վերջին համարին համաձայն. ''գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ, ամէն օր, մինչեւ աշխարհի կատարածը'', որ նաեւ բնաբանն է 2013-ի երիտասարութեան համաշխարհային օրուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.