2012-02-13 13:17:37

Հրեայ Մոլեռանդներու Սրբապղծութիւնը Քրիստոնեայ Վայրերուն
Կոչ՝ ի խնդիր Ս. Երկրի երեք կրօններու սրբութիւններու։


Ս. Երկրի երեք կրօներու խորհուրդը խստիւ դատապարտած է Երուսաղէմի յոյն օրթոտոքս Ս. Խաչ սրբավայրի դէմ կատարուած սրբապղծութիւնըանցեալ 7 փետրուարի գիշերը մոլեռանդ հրեաներու կողմէ։ Երեք կրօներու խորհուրդը կոչ ուղղած է քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ հրեաները յարգելու Ս. Երկրի մէջ գտնւող բոլոր սրբավայրերը եւ միաժամանակ խստիւ դատապարտած է մոլեռանդներու վառվելակերպը շահագործելով իրենց գստմնելի արարքները քաղաքական կամ հողային նպատակներուն համար։ Իսրայէլի քաղաքական բոլոր հոսանքները եւս դատապարտեցին ծայռայեղներու վատ արարքը, որակելով զանոնք որպէս հուլիկաններ ու ցեղապաշտներ որ մեծ վնաս կը հասցնեն քաղաքական իշխանութիւններուն եւ կը վտանգեն քաղաքական համակեցութիւնը եւ երկրի ապահովութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.