2012-02-13 12:54:54

Աթէնքի Բախումները՝ Ցուցարարներու եւ Ոստիկաններու Միջեւ։


Մինչ Յունաստանի Խորհրդարանը 130 միլիառ տոլար արժողութեամբ վարկեր ստանալու համար ժողովրդային բուռն ընդդիմութեան արժանացող տնտեսական սեղմումի քայլերը կը քննարկէր, Խորհրդարանին առջեւ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ ծանր բախումներ տեղի ունեցան։ Ըստ Աթէնքի քաղաքապետ Եորղոս Գամինիս-ի 45 ՝՝խանութներ - աշխատատեղիներ՝՝ քանդուած են նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով:
Բախումներու ընթացքին, ցուցարարները հրավառ նիւթեր նետեցին, իսկ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակելով հակազդեց:Ձերբակալուած անձերու թիւը շուրջ 137 է, իսկ վիրաւոր ոստիկաններու թիւը 68, հուսկ՝վիրաւոր ցուցարներու թիւը շուրջ 70 ։
Խորհրդարանը ուշ գիշերին որդեգրեց տնտեսական սեղմումի թղթածրարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.