2012-02-13 13:21:23

՝՝Պէտք է Ընդունիք Ձեր Անցեալը՝՝ Կ՝ըսէ Եւրոխորհրդարանի Նախագահը Շուլց ՝ Թուրք Նախարար Էկէմէն Պաղըշին։


Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Պրիւքսէլի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Թուրքիոյ կոչ ըրած է հետեւելու Գերմանիոյ օրինակին եւ ընդունիլ անցեալը` 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին կը գրէ Nouvelles d'Armenie-ն:
“Իմ խորհուրդս է` որքան հնարաւոր է ազնիւ ըլլալ անցեալի նկատմամբ, սա է լաւագոյն ճանապարհը ապագային հետ դէմ յանդիման դուրս գալու համար: Դուք պէտք է ընդունիք ձեր պատմութիւնը եւ թոյլ տաք անկախ քննութիւն իրականացնելու, եւ եթէ այդ քննութիւնը հաստատէ, որ խօսքը կը վերաբերի ցեղասպանութեան՝ դուք պէտք է ընդունիք զայն”, ( ըսած է ան՝ Թուրքիոյ Եւրոպական գործերու նախարար Էկէմէն Պաղըշին):
“Ես իւրաքանչիւր օր կ’ապրիմ մեր անցեալի զգացումով, որ հեշտ անցեալ չէ եղած:Իւրաքանչիւր օր ես կը բախիմ երկրիս անցեալին հետ”,( ըդգծած է Շուլց)յոյս յայտնելով, որ նոր սերունդը, նոյնիսկ եթէ մեղաւոր չէ եղած, պէտք է հետեւողական ըլլայ, որ անցեալի սխալները այլեւս չկրկնուին:
Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղած է յարգելու Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող, վերջերս ընդունուած ֆրասական օրէնքը:
“Գիտեմ, որ Եւրոմիութեան մէջ շատ մարդիկ կան, որոնք կը բաժնեկցին Ֆրանսայի Խորհրդարանի անդամներուն կարծիքը”,(աւելցուցած է Մարթին Շուլց):








All the contents on this site are copyrighted ©.