2012-02-11 10:26:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրաւիրած է Կարտինալ Մոնսենկուօն Հոգեւոր Կրթութիւնը Քարոզելու Վատիկանի Վերին Վարչութեան։


Վատիկանի վերին վարչութեան 2012-ի հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ կ'առնէ քառասնորդացի առաջին շաբաթը 26 փետրուարին եւ վերջ կը գտնէ մարտ 3ին։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաւիրեց` Գոնկոլացի կարտինալ Մոնսենկուօն, վատիկանի վերին վարչութեան քարոզելու հոգեւոր կրթութիւնը։ Աստուածաշունչի մասնգաէտ Կարտինալ Մոնսէնկուօն եղած է` 2008ի ''Աստուծոյ խօսքը'' նիւթին մասին գումարուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին` առաջին ափրիկեցի յատուկ քարտուղարը։
Նշենք Սրբազան Քահանայապետը յաճախ կանչած է բարձրաստիճան առաջնորդ կարտինալներ քարոզելու համար քառասնորդաց շրջանի այս հոգեւոր կրթութիւնները։ 72 տարեկան կարտինալ Մոնսենկուօն ճանչցուած է որպէս խաղաղութեան սպասաւոր եւ միջնորդի դեր կատարած է 1991-1996 Մոպուդուի իշխանութեան ընթացքին։ Միաժամանակ ան ճանչցուած է որպէս Ափրիկէի դատին պաշտպանը։ 2007-ին նշանակուած է որպէս առաջնորդ Քինշասա թեմին եւ 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անոր շնորհած է կարտինալի տիտղոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.