2012-02-11 10:26:18

Շաբաթ 11 Փետրուարին տօնն է Լուրտի Տիրամօր,
Այս տարի նշուեցաւ Լուրտի Տիրամօր Երեւումներու ճանաչման 150-րդ տարեդարձը ։ 11 Փետրուարին կը նշուի Նաեւ Հիւանդի համաշխարհային օրը։


Տիրամայրը որ աւելի քան 153 տարի առաջ առաջին անգամ երեւցաւ գեղջկուհիի մը՝ Պերնատէթ Սուրպիրիույին, անոր յաջորդեց այլ 18 երեւումներ ալ...
Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցաւ այս երեւումները
18 Յունուար 1862-ին։ Այս տարի 150-րդ տարեդարձն է Լուրտի Տիրամօր Երեւումներու ճանաչման։ Բոլորիս ծանօթ է որ Լուրտի սրբավայրը կատարուած են բազմաթիւ հրաշքներ (բազմաթիւ հիւանդներ բժշկուած են միջնորդութեամբ Լուրտի Տիրամօր, տօնին օրը նաեւ կը նշուի Հիւանդի համաշխարհային օրը։ Այս տարի հիւանդին համաշխարհային օրը (11 փետրուարին` Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը) ունի որպէս բնաբան Ղուկասի Աւետարանէն առնուած Յիսուսի սա խօսքը ''Ոտքի ե'լ եւ գնա' հաւատքդ քեզ փրկեց''։
՜՜Սերտ է կապը Լուրտի մէջ Աստուածամօր երեւման ու տեղի ունեցող Բուժումներու միջեւ՝՝։ Լուրտի Տիրամօր սրբավայրը 2010ին աւելի քան 6 միլիոն ուխտաւորներ ուխտի գացած են ։ Երեւումներէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած ու ներկայացուած եօթը հազար բուժումներէն, եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցած է 67 հրաշքով բժշկուած պարագաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.