2012-02-11 10:37:28

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Մահաքունի Մէջ Մտած է


«Նուվել տ՛Արմենի» շաբաթաթերթը, վկայակոչելով հայրենի «Հայոց Աշխարհ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքը 19 յունուարին մահաքունի մէջ մտած է եւ այժմ Երուսաղէմի մէկ հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի:
Ըստ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, 93-ամեայ պատրիարքին սիրտը կեցած է: Բժիշկները անմիջապէս միջամտած են, եւ սիրտը վերստին տրոփելու սկսած է, սակայն ան մահաքունի մէջ մտած է: Պատրիարքական խորհուրդին որոշումով, Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքական փոխանորդ նշանակուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.