2012-02-11 10:26:47

2012-ը՝ Հայ Գիրքի Տարի. Հռչակուած՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսէն-
Հայ Գիրքի Մայրաքաղաքները


Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի հայ հրատարակչատուներուն մէջ իր բացառիկ տեղը գրաւեց հայկական տպագրութեան երկրորդ 100ամեակին՝ 1664ին, Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի հիմնած տպարանը, ուրկէ 1666-1668ին լոյս տեսած Աստուածաշունչը հանդիսացաւ հայ տպագրութեան թագուհին։ Կրօնական եւ եկեղեցագիտական հրատարակութիւններու կողքին, այս տպարանը նաեւ հրատարակեց Մովսէս Խորենացիի «Գիրք Աշխարհաց»ը (1668), Վարդան Այգեկցիի «Աղուէսագիրք»ը (1668), Առաքել Դաւրիժեցիի «Գիրք Պատմութեանց»ը (1669) եւ աշխարհաբարով լոյս տեսած առաջին գիրքը՝ «Արհեստ Համարողութեան» հատորը (1675)։ Աւելի՛ն. շնորհիւ Ոսկան Երեւանցիի հետեւողական ճիգերուն, մինչ այդ առաւելագոյնը 500 օրինակով հրատարակուող հայերէն գիրքերուն տպաքանակը անցաւ 1000 օրինակի սահմանները եւ հասաւ մինչեւ 5000 օրինակի։ Իրողութիւն մը, որուն շնորհիւ հազուագիւտ համարուող Աստուածաշունչը մուտք գործեց հայ ընտանիքներէն ներս եւ մեծապէս նպաստեց հայ գիրքի ժողովրդականացման ու գրատպութեան ծաւալումին։
Նիւթական մեծ զոհողութիւններով եւ մեծ մասամբ հայ վաճառականներու բարերարութեամբ գործող հայ տպագրութիւնը կարիքը ունէր հայկական միջավայրի։ Կոստանդնուպոլիսը եղաւ այն գլխաւոր օրրանը, որ իբրեւ հայաշատ քաղաք՝ հայկական տպագրութեան զարգացման դիմաց բացաւ նոր հորիզոններ ու հայ հրատարակչական գործունէութիւնը արձանագրեց նկատառելի մրցանիշներ։ Մխիթար Սեբաստացիի ջանքերով կեանքի կոչուած հայկական գրահրատարակչութիւնը զարգացում ապրեցաւ շնորհիւ Գրիգոր Մարզուանեցիի կատարած բարձրորակ հրատարակութիւններուն։ Արդարեւ, շուրջ քառասուն տարուան ընթացքին (1698-1734), բազմաթիւ գործերու շարքին ան հրատարակեց Յայսմաւուրքը (1706), Ագաթանգեղոսի Հայոց Պատմութիւնը (1709), Զենոբ Գլակի վերագրուող «Գիրք Պատմութեան Երկրին Տարօնոյ» երկը (1719) եւ միջնադարու հայ մեծ իմաստասէր Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք Հարցմանց» հատորը (1720)։
Գրիգոր Մարզուանեցիի տպարանի աշխատակից Աստուածատուր Դպիր Կոստանդնուպոլսեցին, 1699ին հիմնեց իր սեփական տպարանը եւ մօտ 50 տարի հանդիսացաւ պոլսահայ տպագրութեան ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչը՝ հրատարակելով աւելի քան ութ տասնեակ հատորներ, մեծաւ մասամբ ժամագիրքեր, շարակնոցներ, տօնացոյցեր, մաշտոցներ, Յայսմաւուրք, Ճաշոց եւ այլն։ Առաջին անգամ ըլլալով, ան լոյս ընծայեց անմահանուն Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ի ամբողջական բնագիրը (1701-1702), Կիւրեղ Աղեքսանդրեցիի «Գիրք Պարապմանց»ը (1716) եւ մատենագրական մեծ նշանակութիւն ունեցող այլ հատորներ։ Մինչեւ 1800 Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործեցին աւելի քան քսան տպարաններ, որոնց մէջ նշանաւոր եղաւ Յովհաննէս Արապեանի եւ անոր զաւկին՝ Պօղոսի տպարանը։
1727էն սկսեալ հայ տպագրութեան մէջ առանցքային դեր ստանձնեց Մխիթարեան Միաբանութիւնը։ Վենետիկի հեռաւոր կղզիէն 270 անուն թանկարժէք հատորներ լոյս տեսան, ինչպէս Մխիթար Սեբաստացիի «Դուռն Աշխարհաբար Լեզուի» (1727), «Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» (1749), Հայր Միքայէլ Չամչեանի «Քերականութիւն Հայկազեան Լեզուի» (1779) ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն Հայոց»ը (1793) եւ մատենագիտական, լեզուաբանական, պատմագիտական, գրական, աշխարհագրական, թարգմանական բազմատասնեակ հատորներ։ Նոյն նուիրումով գործեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի տպարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.