2012-02-10 13:21:55

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Կազմակերպութեամբ՝ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական Խորհուրդի` Կարտինալ Սիրիի անուան կեդրոնին եւ Քրիստոնեայ Գործարարներու միութեան, Հռոմի Casa La Salle կեդրոնի մէջ` ուրբաթ 9 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, տեղի կ՛ունենայ ուսումնաժողով մը <<Գործարարական Ռազմավարութիւն ի սպաս հասարակաց բարիքին>> խորագրով։
Իսկ 10 եւ 11 փետրուարին Տոմուս Մարիէ կեդրոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Վիթթորիօ Պաշլէ հաստատութեան 32-րդ համագումարը որ ունի որպէս նիւթ <<Իտալիան ու Եւրոպան միջերկրականի նոր կացութեան տեսլականով։ Համագործակցութիւն եւ երկխօսութիւն Հիւսիսային Ափրիկէի ժողովուրդներու զարգացումի ի խնդիր>>։ Համագումարին կը մասնակցին ի մէջ այլոց Միկրանդէս Հիմնարկի Տնօրէնը՝ գերապայածառ Ճանգարլօ Բէրեկօ, Միջազգային համագործակցութեան Իտալիոյ նախարարը՝ Անտրէա Րիքքարտի ու Մակի փախստականներու գերատեսուչը՝ Տիկին Լաուրա Պոլտրինի։








All the contents on this site are copyrighted ©.