2012-02-10 13:21:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 10 փետրուարի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարտինալ Մարք Ուելլէն։
Հուսկ ժամը 11.30-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Միլուաքիի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ժէրոմ Էտուարտ Լիշտէդսքիին ու անոր ընկերացող շարք մը Միացեալ Նահանգներէն Հռոմ ժամանած՝ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12 ին Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետներու Սրահին մէջ ընդունեց Ափրիկէի՝ Սահելի երկիրներուն ի նպաստ գործող՝ ՅՊԲ ի անուան Հիմնարկի 25 անդամները։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց հանդիպումի ուրախ առիթին համար, ու ապա անդրադառնալով Հիմնարկի գործունէութեան, ըսաւ << Աստուած մարմին եղաւ՜ կայ արդե՞օք ասկէ աւելի մեծ սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն։ Աստուած չի դադրիր մեզ սիրելէ եւ մարդեղանալ եկեղեցւոյ համար։ Հիմնարկը որ ծնունդ առաւ 30 տարիներ առաջ իմ նախորդիս բաղձանքով չի դադրիր հետապնդելու կէտնապատակը, ըլլալու՝ Քրիտոսնեայ ողորմութեան նշան որ կը մարդեղանայ իր կարգին դառնալով Քրիտոսի վկայութիւն։ Հիմնարկը կ՛ուզէ նաեւ ցուցաբերել Սրբազան Հօր մօտիկութիւնը հանդէպ Սահելի տարածքին ապրող Ափրիկեցի եղբայրներուն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց Սահելի երկիրներուն մէջ տիրող դժուար տագնապալի վիճակին, քաջալերելով եկեղեցին յառաջանալու ողորմութեան ճանապարհով ու ապա կոչ ուղղեց ըսելով թէ հիմնարկը կարիքը ունի վերանորոգուելու եւ արդիանալու մանաւանդ այս ասպարէզի մէջ գործողներու քրիստոնէական եւ մասնագիտական կազմաւորումով որ շատ կարեւոր կը նկատեմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - հաստատելով որ այս վերանորոգումը կատարեալ դարձնելու համար, հարկ է զայն սկսիլ աղօթքով ու անձնական ապաշխարութեամբ։ Թող Սուրբ Կոյսը եւ Երանելի ՅՊԲ.ը ըլլան ձեզի ապաւէն, եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.