2012-02-10 13:24:23

Յունահայ Համայնքը ԼՂՀ Նախագահը Դիմաւորելու Կը Պատրաստուի։


Յունահայ համայնքը մեծ ուրախութեամբ կ'ողջունէ այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Յունաստանի “Ազատ Օր” օրաթերթը։
ԼՂՀ նախագահի Յունաստան այցի առիթով Երկուշաբթի 13 Փետրուարի ժամը 19:30ին ժողովրդային մեծ հաւաք տեղի կ'ունենայ Աթենքի Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.