2012-02-10 13:23:34

Գառնիկ Ասատրեանի «Թալիշներու Ժողովրդական Աւանդոյթները Եւ Հեքիաթները» Իրանի Մէջ «Տարուան Գիրք»ը ըլլալով Ճանչցուած։


Թալիշ ժողովուրդի աւանդոյթներու եւ մշակոյթի մասին պատմող Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամբիոնի վարիչ Գառնիկ Ասատրեանի գիրքը Իրանի մէջ «տարուան գիրք»ը ըլլալով ճանչցուած է:
Ռուսական «Ռեգնում» գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ասատրեանի «Թալիշներու ժողովրդական աւանդոյթները եւ հեքիաթները» վերտառութեամբ գիրքը նման բարձր գնահատանքի արժանացած է «իրանագիտութեան բնագաւառին մէջ հետազօտութիւններ»ու մրցոյթին:
Գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր 2011ին Երեւանի մէջ` թալիշագիտութեան նուիրուած միջազգային երկրորդ գիտաժողովին ժամանակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.