2012-02-10 13:24:15

«Կիննես»ի Գիրգին Մէջ Գրանցուած Միջազգային Իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեան ։


Լիբանանահայ միջազգային նախկին իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանը, որ ոսկեայ կնիք մը ունի դրոշմուած լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ, 30 երկար տարիներ լիբանանեան մարզական աշխարհին մէջ ծառայած ըլլալով մեծ համբաւ եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մեծ ճանաչում գտած է մանաւանդ իր արդար սուլիչին շնորհիւ: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանաիի “Ազդակ” օրաթերթը։
Նկատի ունենալով, որ 21 տարի իբրեւ միջազգային իրաւարար անոր անունը պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի իրաւարարներու ցանկին վրայ, ան այդ իրողութեամբ մրցանիշ մը հաստատեց:
Այս իրագործումը կատարած ըլլալով ան իրաւունք ստացաւ միջազգային մրցանիշերու «Կիննես»ի գիրքին մէջ մտնելու: Կը կարծուի, որ «Կիննես»ի նոր հրապարակուելիք թիւին մէջ անոր մասին լոյս տեսնէ յատուկ յօդուած մը:
Տեմիրճեան նաեւ վերջին շրջանին գնահատանքի յատուկ ոսկի մետալով մը պարգեւատրուեցաւ սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.