Վահան Յովհաննիսեան Ազգային Ժողովի Մէջ Կ՝արծարծէ Սուրիոյ Հայ Համայնքի Հարցը։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան
Ազգային ժողովին մէջ հարցում-պատասխանի ժամանակ կառավարութեան ուղղելով իր խօսքը նշեց,
որ մեր ամէնէն փայլուն գաղութներէն մէկը` Սուրիոյ հայկական գաղութը, շատ լուրջ վտանգի
տակ կը գտնուի եւ վտանգը խաժամուժն է, որ այսպիսի իրավիճակներուն ընթացքին գլուխ պիտի
բարձրացնէ եւ արդէն բարձրացուցած է: Ան նշեց, որ թէեւ հարցը քանի մը երես ունի, բայց
իրեն ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ այն, որ հայրենի կառավարութիւնը արդեօք որեւէ ծրագիր ունի՞
իրավիճակի կտրուկ վատթարացման պարագային օգնութեան ձեռք մեկնելու համար: Պատասխանելով
այս հարցումին,Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ հարցը կը գտնուի կառավարութեան
ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ իրենք կ՛աշխատին համայնքին հետ: «Բնականաբար,
նախ եւ առաջ մեզ կը մտահոգէ համայնքի ապահովութեան խնդիրը: Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել,
որ կարելի բոլոր միջոցները կ՛օգտագործենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար»,
ընդգծեց վարչապետ Սարգսեան: Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ առնուազն բաւարարուած է անով,
որ խնդիրը կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի, եւ հետաքրքրուեցաւ, որ կա՞ն
վերաբնակեցման ծրագիրներ: Վարչապետը ընդգծեց, որ կ՛ուսումնասիրեն խնդիրը, թէ ի՛նչ նախապատուութիւններ
կրնան յառաջանալ: «Պիտի ուղղորդենք, որ նախապատուութիւնը տրուի մայր հայրենիքին», ըսաւ
Վարչապետ Սարգսեան: