2012-02-09 14:14:45

ԱՄՆի Մօտ Առաքելական Նուիրակին Հանդիպումը ԱՄՆի Նախագահ Օպամային Հետ։


ԱՄՆի մօտ առաքելական նոր դեսպանը գերապայծառ Վիկանօ վերջերս այցելութիւն տուած է Սպիտակ Տան։ Այդ առթիւ նախագահ Օպաման ընդգծած է իր գնահատանքը հանդէպ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարած աշխատանքին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու այլեւ՝ համայն աշխարհին մէջ։ Այս առթիւ նախագահը դիտել տուաւ թէ որքան լսելի է Սրբազան Քահանայապետին ձայնը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը հանդէպ աղքատներուն սովածներուն, ու պատերազմի զոհերուն եւ Ս. Աթոռը իր այս վսեմ առաքելութեամբ կարեւոր գործակից մը եղած է Միացեալ Նահանգներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.