Հնդկաստան։ Կարտինալ Կրասիաս Կը Խնդրէ Երկրի Պատասխանատուներէն ՝՝Արմատախիլ Ընել Ապամարդկային
Բոլոր Երեւոյթները՝՝։
Կարտինալ Կրասիաս` նախագահը Հնդկաստանի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասին, խօսք առնելով Հնդկաստանի
Եկեղեցւոյ 30-րդ լիանիստ գումարին, որուն նիւթն է ''Եկեղեցւոյ դերը լաւագոյն Հնդկաստանի
մը համար'', Կարտինալը ըսաւ թէ հարկաւոր է արմատախիլ ընել Հնդկաստանին մէջ տմարդի բոլոր
երեւոյթները, ինչպէս կիներու հարստահարումը, աղքատ դասակարգի դէմ կատարուած խտրականութիւնը,
քաղաքացիական ու կրօնական ազատութեան ժխտումը, ինչպէս նաեւ անհատին շահագործումի բոլոր
երեւոյթները։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է երաշխաւորել աղքատին արժանաւորութիւնը։ Կարտինալը
իր խօսքը եզրափակեց ըսելով ՝՝Հնդկաստանի եկեղեցին կանչուած է ըլլալու շարժիչ ոյժը ընկերութեան՝՝։