2012-02-07 12:50:30

Սուրբ Աթոռը Մտահոգութիւն Ու Ցաւ Կը Յայտնէ Սուրիոյ Մէջ Տիրող Ողբերգրական Կացութեան։


Սուրբ Աթոռի բանբեր հայր ֆետԷրիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ Սուրբ Աթոռը մտահոգութիւն ու ցաւ կը յայտնէ Սուրիյ մէջ տիրող անկայուն վիճակի եւ փախումներու անմեղ զոհերու նկատմամբ։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ Սուրիոյ մէջ տիրող ողբերգրական կացութեան դիմաց, - յայտարարծ է Հայր Լոմպարտին, - ու անմեղ զոհերու նկատմամբ կը յայտնենք մեր մտահոգութիւնն ու ցաւը։ Հայր Լոմպարտիի սոյն յայտարարութիւնը յաջորդեց Սուրիոյ Մար Մուսա մենաստանի հիմնադիր Յիսուսեան միաբան կրօնաւոր հայր Բաօլօ Տալլ Օլիօյի կոչին որուն մէջ Յիսուսեան միաբանը Սուրբ Աթոռէն կը խնդրէ ձեռնարկել ուսումնասիրական դիւանագիտական ամենաբարձր մակարդակով առաքելութիւն մը` ի տես Հոմս քաղաքի մէջ տեղի ունեցած ջարդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.