2012-02-07 12:39:03

Ռուսիոյ ԱԳ Նախարարը Կը Քննադատէ Արեւմուտքի «Ջղագրգիռ» Հակազդեցութիւնը. ԱՄՆ փակած Սուրիոյ իր Դեսպանատունը :


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով այսօր Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Միխայիլ Ֆրատքովի հետ Դամասկոս այցելութեան նախօրեակին քննադատեց Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւին դէմ օգտագործուած վեթոյին նկատմամբ Արեւմուտքի հակազդեցութիւնը, զոր «ջղագրգիռ» որակեց: Ան յիշեցուց ասացուածք մը, զոր կ՛ըսէ. «Ան որ կը ջղայնանայ, հազուադէպօրէն իրաւացի կ՛ըլլայ»: Լաւրով նշեց, որ այդ «ջղագրգիռ յայտարարութիւններուն նպատակը տեղի ունեցածը ծածկելու համար է, այսինքն` (ծածկել) այն, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքը շարք մը աղբիւրներ ունի»
«Ցաւալի է, որ բանաձեւը այս ճակատագիրը ունեցաւ», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ «Որոշումի բանաձեւման մասնակիցներէն քանի մը օր խնդրեցինք, որպէսզի կարենանք կացութիւնը քննարկել» Դամասկոս այցելութեան ընթացքին: Լաւրով մերժեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցելիք պատգամին մասին տեղեկութիւն տալ:
Միւս կողմէ ԱՄՆ փակած է իր դեսպանատունը Սուրիոյ մէջ` երկրի մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով: Երկուշաբթի երեկոյեան դեսպանատան բոլոր աշխատակիցները` ներառեալ դեսպան Ռոպերթ Ֆորտ, Դամասկոսէն մեկնած են իրենց երկիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.