2012-02-07 15:23:44

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Վատիկանի Ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի այս շաբթուայ իր խմագրականը կը յատկացնէ եկեղեցին հաւատալի եւ թափանցիկ դարձնելու պահանջքին ։
Ի տես վերջին տարիներու ընթացքին Սուրբ Աթոռի ու եկեղեցւոյ դէմ մղուած քննադատութիւններուն - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - բացարձակ անհրաժեշտութիւնը կայ որ ալեկոծ ծովու մէջ նաւարկութեան ժամանակ ամուր բռնելու ղէկը ու ներշնչուելով Սրբազան Քահանայապետի ճշմարտութեան եւ խստապահանջ բարոյական վարքի աւետարանական չափանիշներէն հետեւողական վկայութեամբ վերարծարծելու քրիտոնէական ու եկեղեցւոյ արժէքները նա մանաւանդ երկու նիւթերու նկատմամբ Մանուկեներու դէմ սեռային զեղծումները ու եկեղեցւոյ տնտեսական ու դրամական թափանցիկութիւնը։
Այս երկու հարցերուն առաջինի նկատմամբ զանազան տեղական եկեղեցիներու մէջ` Սրբազան Քահանայապետի յորդորով` առնուեցան կարեւոր քայլեր պայքար մղելու դիտաւորութեամբ զեղծումներուն դէմ ու պաշտպանելու համար զեղծումներու ենթարկուած զոհերը ու կանխարգիլելու անոնց իրականացումը ապագային։ Եւ այս ուղղութեամբ է որ այս օրերուն Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանի մէջ գումարուած է <<Դէպի ապաքինում ու վերանորոգում>> խորագրով Միջազգային Գիտաժողովը` որուն կը մասնակցին աւելի քան 100 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ու 30 միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Եկեղեցին կը պահանջէ արդարութիւն, կ՛ուզէ վերանորոգուիլ եւ կարող պայքարելու եւ օժանդակելու հասարակութիւններու պայաքարին ընդդէմ մանուկներու դէմ սեռային անհամար զեղծումներուն։
Իսկ գալով երկրորդ հարցին Սուրբ Աթոռը կը ջանայ տնտնեսական միջազգային համակարգի օրէքներուն հետեւիլ պայքարելու համար դրամական վերաօգտագործման, կազմակերպուած ոճրագործութեան, եւ ահաբեկչութեան դէմ։ Շատ անգամ Սուրբ Աթոռի իշխանութիւնները անիրաւաբար ամբաստանուեցան. եւ Միացեալ նահագներու դատարանի մը վերջին օրերուն տուած վճիռը, անհիմ բնորոշած է այս ամբաստանութիւնները։ Նոր օրէնքները որ նախատեսուեցան Սուրբ Աթոռի իշխանութիւններու կողմէ նպատակ ունին թափանցիկ ու ապահով դարձնել անոր գործունէութիւնները։ Ճանապարհը երկար ու դժուար է սակայն ուղեգիծը յստակ է եւ այս ուղեգիծով ընթանալու կամքը յստակ է։ Աւետարանի վկայութիւնը այս ճանապարհով կ՛ ունենայ առաւելութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.