2012-02-07 12:43:31

Կարտինալ Ատրեան Սառ Ընտրուած Է Արեւեմտեան Ափրիկէի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի Նախագահ։


Յունուար 23-29 Արեւմտեան Ափրիկէի անգլիախօս, ֆրանսախօս եւ լուզախօս 200 եպիսկոպոսները միատեղ հաւաքուեցան եւ հիմնեցին Արեւելեան Ափրիկէի շրջանին համար եպիսկոպոսական խորհուրդ մը, ընտրելով Տաքար թեմի առաջնորդը` կարտինալ Ատրեան Սառ որպէս սոյն նոր խորհուրդին նախագահ։ Եպիսկոպոսները ընտրեցին նաեւ նոր Խորհուրդի համար երկու փոխ նախագահներ` գերապայծառ Ինքնատիոս` վիճակաւորը Ժոս թեմի եւ գերապայծառ Խոզէ Գամնահէ վիճակաւորը Պիսաոյի։ Արեւեմտեան Ափրիկէի Եպիսկոպոսական Խորհուրդի առաջին ժողովի նիւթը եղաւ ''Եկեղեցին` Արեւմտեան Ափրիկէի ընտանիքը` ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.