2012-02-07 12:44:38

Աւետարանի Ընթերցումը Տան Մէջ, Փորձառութիւն Մըն Է Բարեբեր, Հարուստ Ու Յայտնութիւններով Լեցուն։


Զուիցերիոյ ֆրիպուրկ թեմը հրաւիրած էր բնակչութիւնը Աւետարանը կարդալու ''Աւետարանը կարդալ տան մէջ'' նշանաբանով։
Այս պաշտօնական հրաւէրէն երկու ամիս ետք՝ բոլոր անոնք որոնք ընդառաջեցին Մարկոսի Աւետարանի ընթերցումի նախաձեռնութեան, Եկեղեցի կանչուեցան միասնաբար փոխանակելու Աւետարանը տուն կարդալու փորձառութիւնը, որուն արդիւնքը շատերուն համար եղաւ բարեբեր, հարուստ ու նոր յայտնութիւն մը։ Ժողովականներէն մէկը ըսաւ որ ՜՜վերապահութեամբ ընդունեցայ հրաւէրը, սակայն որքան կը յառաջանայի ընթերցումին մէջ այնքան համ կ'առնէի ու կը հարստանայի եւ Մարկոս Աւետարանի իրերայաջորդ դէպքերը նոր ցայտ ու նշանակութիւն կը ստանային՝՝։
՜՜Օրինակի համար, աւելցուց ան, Յիսուսի կատարած հրաշքներու ընդմէջէն աւելի լաւ ճանչցայ Քրիստոսը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.