2012-02-05 10:01:14

«Նոպէլեան Խաղաղութեան 2012»ի Մրցանակին Պէտք է Արժանանայ Մամուլի եւ Մտքի Ազատութեան Խորհրդանիշ Ռակըպ Զարաքօղլու ։


Զիւրիցերիոյ Ձախ կուսակցութեան պատգամաւորներ Ամինէ Քարապավէ, Ճէնս Հոլմ, Սիվ Հիլմա, Մարիան Պերկ եւ Բնապահպանութեան կուսակցութեան Կանաչներու պատգամաւորներ՝ Ժան Լինտհոլմ եւ Ուալթըր Մութ՝ դիմած են Օսլոյի մէջ Նոպէլեան Խաղաղութեան կոմիտէին, որ «Նոպէլեան Խաղաղութեան 2012»ի մրցանակը շնորհուի հրպարակագիր, գրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօղլուին: Նոպէլեան կոմիտէին ուղարկուած դիմումին մէջ կ'ըսուի, թէ միջազգային ճանաչում ունեցող, իր գործունէութեամբ մամուլի եւ մտքի ազատութեան խորհրդանիշ եղող Ռակըպ Զարաքօղլու արժանի է այս մրցնակին: Այս մասին Սթոքհոլմէն կը յայտնէ թրքական «Էվրենսել» կայքը:
Դիմումնագիրին մէջ յատկապէս կ'ըսուի, «Զարաքօղլու իր կնոջ Այշէի հետ Թուրքիոյ մէջ բացարձակ արգելք եղող Հայկական Ցեղասպանութեան, Քրտական հարցին, «Աթաթուրք եւ իսլամութիւն» նիւթով գիրքեր հրատարակած ըլլալուն համար՝ դատուած եւ դատապատրուած է ազատազրկման: Զարաքօղլու՝ չնայած բոլոր ճնշումներուն եւ յարձակումներուն՝ կը շարունակէ պաշտպանել մտքի ազատութիւնը: Կը շարունակէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ հաշտութեան համար նպաստ բերել»:
«12 Սեպտեմբեր 1980ի թրքկական զինուորական յեղաշրջումէն ետք Մարդու Իրաւունքներու ընկերակցութեան հիմնադիրներէն մէկը հանդիսանալով՝ ան կը շարունակէ պայքարիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար:
Բոլոր այդ ջանքերուն համար Զարաքօղլուն (թրքական) պետութեան թիրախը դարձաւ: 1 Նոյեմբեր 2011ին ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ: Ռակըպ Զարաքօղլու լեցուած է մարդկային սիրով, իրականութեան եւ հաշտութեան կողմնակից եղող անհատականութիւն է: Եթէ Թուրքիա օր մը իրաւունքի եւ հաշտութեան համար յանձնաժողով հիմնելու ըլլայ՝ անիկա պէտք է գլխաւորէ Զարաքօլուն»,( կ'ըսուի սոյն դիմումնագիրին մէջ):
Նշենք որ Զարաքօղլու-ի մանջը նոյնպէս ձերբակալուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.