2012-02-04 13:23:06

Ռատիովատիկանի 80րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնանք Ռատիովատիկանի Յայտագիրները - ՜՜Էսբէրանթօ՝՝ Լեզուով Հաղորդումները։


2 յունուար 1977-ին՝ սկիզբ առին Էսբերանթօ լեզուով Վատիկանի Ձայնասփիւռի յատագիրները, որոնք ինչպէս Ռատիովատիկանի միւս յայտագիրները, զանազան նիւթեր շօշափող հաղորդումներ կը սփռէ։ Էսբերանթօ լեզուի յայտագիրը, ամէնուրէք ունկնդիրներ ունի, որոնց շարքին նաեւ՝ այլ կրօններու հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ ոչ հաւատացեալներ։
Ճիշդ ասոր համար է որ մեր հաղորդումները ունին <<լայնածաւալ շունչ>> եւ մեր ներկայացուցած տեղեկութիւններուն կից պէտք է աւելցնենք նաեւ կազմաւորումը` այսինքն ընդլայնել մեր հաղորդումներու պարունակութիւնը ու անոնց միջոցաւ ձգտիլ սփռելու Կրօնական մշակոյթ մը ։
Կաթողիկէ կը նշանակէ տիեզերական եւ այս բառին մէջ կ՛ամփոփուի Քրիտոնէութեան կոչումը հանդէպ համայն մարդկութեան։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր քրիստոնեաները խտացուցին իրենց միջազգային երկխօսութիւն հաստատելու եւ ամէն անհատի հետ համագործակցելու ձգտումը, նոյնիսկ՝ ոչ կաթողիկէ եւ ոչ քրիստոնաներուն հետ։
Այս ուղղութեամբ է որ կ՛ընթանան Ռատիովատիկանի Էսբերնաթօ լեզուով հաղորդումները ։







All the contents on this site are copyrighted ©.