2012-02-04 13:22:10

Կարտինալակն Դասի Խորհրդածութեան Օր


Յառաջիկայ Կարտինալական Հրապարակային Խորհրդաժողովի առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Կարտինալական Դասը, շաբաթ 17 փետրուարին, աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուայ մը։ Յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10ին Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ եւ վերջ կը գտնէ երեկոյեան ժամը 17ին ժամասացութեան ծիսակատարութեամբ։ Խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն է ''աւետարանի քարոզութիւնը այսօր` ոչ-հաւատացեալներուն եւ քրիստոնեաներու վերաւետարանութեան ի խնդիր։ Նիւթը պիտի ներկայացնէ Նիւ Եորքի Արքեպիսսկոպոս Կարտինալ Թիմոթի Տոլանը։ Հանդիպումին ընթացքին պիտի շոշափուի նաեւ Հաւատոյ Տարուայ նիւթը որուն ներկայացումը պիտի կատարէ` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքէլլան։








All the contents on this site are copyrighted ©.