2012-02-03 12:33:33

Ս.Վլաս Եպիսկոպոսին Տօնը։


Ուրբաթ 3 Փետրուար 2012-ին տօնն է Ս.Վլասի եպիսկոպոսին (ըստ լատինաց) այդ օրը Հռոմի Վիա Ճուլիա փողոցը գտնուող հայոց եկեղեցւոյ մէջ, ամբողջ օրը Ս Պատարագ կը մատուցուի եւ հաւատացեալները հայ թէ իտալացի կը փութան եկեղեցի իրենց կոկորդը Ս իւղով օծել տալու համար հաւատալով որ Սուրբը պիտի պահպանէ զանոնք կոկորդի ցաւէն կամ հիւանդութենէն։
Ո՞վ է Վլաս եպիսկոպոս.
Անունին յունական եւ լատինական ձեւն է Բլասիոս, իսկ ֆրանսերէն Պլէզ։
Ան եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։
Իր կեանքին մաքրութիւնը, բարքին քաղցրութիւնը, իր համեստութիւնը եւ իմաստութիւնը ու մանաւանդ իր բարեպաշտութիւնը զինք ամէնուն սիրելի դարձուցած էին ։ Հետեւեցաւ փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան, զորս ի սպաս դրաւ քրիստոնէական դատին։
Նուիրուեցաւ ամբողջապէս բարեպաշտական կեանքի. եւ երբ մտադիր էր առանձնական ճգնողութեան նուիրուելու, վախճանեցաւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը եւ բոլորին համաձայնութեամբ ինք ընտրուեցաւ յաջորդը։
Ան իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէր ու կը դաստիարակէր որքան իր խօսքով նոյնքան եւ աւելի իր բարի օրինակով։
Հալածանքներու սաստկութեան միջոցին յանձնարարեց հաւատացեալներուն, որ ժամանակ մը շատ մէջտեղ չերեւին, մինչեւ իսկ քաշուին լեռները։
Նոյնը ըրաւ նաեւ ինք, քաշուելով Արգէոս Լեռը (Էրճիաս տաղը) ուր սակայն հալածիչ կուսակալի զինուորները զինք գտան եւ քաղաք բերին։
Հազիւ Սեբաստիա մտած էր երբ ՜՜մայր մը՝՝ լալահառաչ ինկաւ իր ոտքերուն, խնդրելով իր նոր մեռած զաւկին վերակենդանութիւնը։
Գթալով մօր արցունքներուն, սուրբը ներկաներուն առջեւ աչքերը վեր առաւ ու այսպէս աղօթեց. ՜՜Լսէ՝ Հայր գթութեանց եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեանց, ծառայիդ աղօթքին եւ վերադարձուր այս մանկան կեանքը, որպէսզի ամէնքը ճանչնան թէ դուն ես կեանքի եւ մահուան տէրը՝՝։
Հազիւ աղօթքը ըսուած էր, մանուկը վերակենդանացաւ իր մօր գրկին մէջ։
(Այս մանկան կոկորդը ձկան փուշ խրած ըլլալով մեռած էր. անոր համար Ս. Վլասի բարեխօսութիւնը կը փնտռուի կոկորդի հիւանդութեանց համար)։
Կուսակալը հրամայեց սուրբին որ զոհէ ՜՜Անմահ աստուածներուն՝՝։
-Անմահ աստուաներո՞ւն, բացագանչեց սուրբը. Ի՞նչ անուն է որ կու տաք դուք դեւերուն, որոնք ձեզի վնաս հասցնելէ զատ ոչինչ կրնան ընել։ Գիտցէք որ ՜՜մէկ Անմահ Աստուած կայ, Ամենակալ եւ Յաւիտենական՝՝. ես Այդ է որ կը պաշտեմ։
Դատաւորը այս պատասխանէն զայրացած հրամայեց ձաղկել զայն այնքան անգութ եւ այնքան բրտօրէն, որ ոչ ոք խորհեցաւ թէ ոեւէ մէկը կրնար այլեւս ողջ մնալ այդ ձաղանքէն ետք։
Սակայն երջանկութիւնը որ կը ճառագայթէր անոր դէմքէն բոլորին հասկնալ տուա որ ՜՜Գերբնական ոյժ մը կը զօրացնէր զայն՝՝
Բանտ նետուեցաւ։ Չարչարանքները շարունակուեցան բանտին մէջ եւ հրապարակաւ։ Եօթ կիներ անոր մարմինէն հոսած արիւնով կ՝օծէին իրենք զիրենք հոգւոյ եւ մարմնոյ բժշկութիւն գտնելու հաւատքով։
Այս կիներն ալ մարտիրոսացան իրենցմէ ոմանք ալ իրենց մանուկներուն հետ միասին։
Ի վերջոյ գլխատուեցաւ Ս. Վլաս, որ ամենէն ժողովրդական սուրբերէն եղած է Միջին դարուն։
Յոյները Սուրբ Վլասի տօնը կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝ Ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ, այս տարի նշուեցաւ 24 յունուարին։
Հակիրճ տեղեկութիւններ Հռոմի՝ Ս. Վլասի նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մասին։
1832-ին երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ Քահանայապետին կողմէ Ս. Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցւոյ եւ Հայոց Հիւրանոցի փոխարէն, հայոց համաձայնութեամբ, անոնց յանձնուեցաւ (Յուլիան) կամ via Guilia փողոցը գտնուող Ս. Վլաս եկեղեցին ու նախկին եկեղեցւոյ շարժական գոյքերը տեղափոխուեցան Ս. Վլաս եկեղեցի: Հաւատասփիւռ Ժողովի կողմէ 1839-ի՝ մարտ 12-ին, վերոյիշեալ «Կանոնք»-ը վերահաստատուեցաւ ու այժմէականացաւ արդէն Ս. Վլասի համար (Հաւատասփիւռ Ժողովի նախագահ, կարդինալ Յակոբ Փիլիպպոս Ֆրանսոնի [Giacomo Filippo Fransoni] կողմէ):
Փոփոխութեան ենթարկուեցաւ միայն ԺԹ կէտը որը այժմ ձեւակերպուեցաւ այսպէս.
«Զի եթէ հարկ իցէ ումեք խօսել ընդ կանայս, ՚ի վայրայարկ գաւթի կամ յաւանդատան խօսեսցի ընդ նոսա»:
Այժմ Ս. Վլասի եկեղեցւոյ մէջ սրբազան արարողութիւնները կը կատարեն (Ս Պատարագ եւ երեկոյեան ժամերգութիւն Շաբաթ օրերը եւ տօնական օրերուն) Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւորը, փոխ մեծաւորը եւ հայ կաթողիկէ հիւր վարդապետներ. իսկ սրբազան երգեցողութիւնը կը կատարեն Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան եւ Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։
1920-ական թուականներուն Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցիէն եւ գերեզմանատունէն հայերէն արձանագրութիւնները հանուեցան եւ տեղափոխուեցան Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան, մէկ մասը բակին մէջ զետեղուած է պատերու եւ քառանկիւն սիւներու մէջ, մնացածը կը պահուին նկուղի մէջ։
Լեւոնեան վարժարան տեղափոխուեցան նաեւ Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցւոյ մէջ պահուող հայերէն գիրքերն ու ձեռագիրները, այս վերջիններու շարքին յատկապէս մեծապէս հետաքրքրութեան արժանի է Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցւոյ հայկական տոմարագիրքը, որը անգնահատելի աղբիւր է Հռոմի հայոց եւ մասնաւորապէս այս եկեղեցւոյ ԺԷ.-ԺԹ. դարերու պատմութեան ուսումնասիրման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.