2012-02-03 12:34:01

Սուրիոյ Հարցին Վերաբերեալ Բանաձեւին Շուրջ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Համաձայնութեան Եկած է։


ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԽ) համաձայնութեան եկած է Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ բանաձեւին շուրջ, որ ուղղուած է Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման, սակայն անիկա, մինչեւ քուէարկութիւն, պիտի ղրկուի ԱԽ անդամ 15 երկիրներու հաստատման:
Սուրիոյ մէջ արդէն տասը ամիս բախումներ կ'ընթանան անվտանգութեան ուժերուն եւ ընդդիմադիրներու միջեւ: ՄԱԿ-ի տուեալներով` այս ընթացքին զոհուած է շուրջ 6000 հոգի:
Նիստին այժմ կը քննարկուի սուրիական խնդիրին շուրջ արաբ-եւրոպական բանաձեւին նախագիծը, որ մշակած են Ֆրանսան, Մեծ Բրիտանիան, Գերմանիան, Փորթուկալը, ԱՄՆ-ն, Քաթարը եւ Մարոքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.