2012-02-03 12:34:21

Հայաստանի Կրթութեան Նախարարը Կը Գնահատէ Պէյրութ Լոյս Տեսնող ՜՜Հայ Մանկավարժի՝՝ Հրատարակութիւնը։


31 յունուար 2012, Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան նախարարը՝ Արմէն Աշոտեան ուղերձ մը յղած է ՜՜Հայ Մանկավարժ՝՝ ուսումնագիտական եւ մանկավարժական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր՝ գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանին։
Նախարար Արմէն Աշոտեան նամակին մէջ կը ներկայացնէ իր անկեղծ երախտիքը՝ ՜՜Հայ Մանկավարժը՝՝ պատրաստելու եւ լոյս ընծայելու համար։
Ան կ՛արժեւորէ այն գործը, որ կը կատարէ ՜՜Հայ Մանկավարժի՝՝ խմբագրական կազմը, եւ կը յայտնէ, որ ՜՜Հայ Մանկավարժի՝՝ մէջ լոյս տեսած յօդուածները ընդունելի են Հայաստանի հանրապետութեան բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի կողմէ, զանոնք համարելով որպէս թեկնածուական ատենախօսութեան հիմնական արդիւնքներն եւ դրութիւններն արտացոլող տպագիր աշխատանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.