2012-02-03 12:33:46

Գահիրէի Մէջ Երէկ Արձանագրուած Են Աւելի Քան 600 Վիրաւորներ։


Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ,երէկ գիշեր ոստիկանութեան հետ բախումներու հետեւանքով վիրաւորուած են աւելի քան 600 ցուցարարներ , եւ երկու ցուցարարներ սպաննուած են եգիպտական Սուէզի մէջ, ոստիկանական բաժանմունք ներխուժելու պահուն։
Associated Press-ի տեղեկութիւններով՝ բողոքի ցոյցի մասնակիցները փորձած են ներխուժել Ներքին գործոց նախարարութեան շէնքը, որուն խոչընդոտած են իրաւապահները` անոնց նկատմամբ կիրառելով արցունքաբեր կազ: Ի պատասխան` ցուցարարները իրաւապահներուն ուղղութեամբ քարեր նետած են:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կարգախօսներ վանկարկած են՝ երկրի իշխանութեան գլուխը գտնուող Բարձրագոյն Զինուորական Խորհուրդին դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.