2012-02-02 14:29:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 2 փետրուարին, եկեղեցին կը տօնէ Տեառնընդառաջի տօնը։ Այս առթիւ, յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին՝ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը որուն կը մասնակցին նաեւ Նուիրեալ կեանքը ընտրող կրօնաւոր կրօնաւորուհիները որ նոյն օրը կը նշեն ՜՜Նուիրեալ Անձերու՝՝ համաշխարհային օրը։
Իսկ առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց, աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Սթանիզլավ Ռիլքօ։
Սրբազան Քահանայապետը ժամը 11.30-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի կարգ մը եպիսկոպոսներուն՝ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ապա Վատիկանի Պետութեան երբեմնի նախագահ՝ Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.