2012-02-01 13:27:42

ՕտարՊետութեան Ճնշումը Չի Կրնար Ազդեցութիւն Ունենալ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան եւ Ֆրանսայի Վեհութեան Վրայ (Կ՝ըսէ Վալերի Պոյեր) ։


Ֆրանսայի Ժողովրդական Շարժման անդամ Վալերի Պոյեր «զարմացած » է, որ ծերակուտականները եւ պատգամաւորները իր ներկայացուցած նախագիծը` (Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը) բողոքարկած են Սահմանադրական Դատարանին, ուստի առ այժմ չի կրնար իրաւական ուժ ստանալ:
Հակառակ անոր, որ ասիկա անակնկալ չէ, տիկին Պոյեր զարմացած . հաստատած է որ որոշ պատգամաւորներ գերադասեցին օրինականութիւնը մարդասիրութենէն։ Այս մասին կը գրէ Le Figaro պարբերականը:
«Ինծի համար օտարերկրեայ պետութեան ճնշումը չի կրնար ազդեցութիւն ունենալ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ֆրանսայի վեհութեան վրայ: Սակայն առաքելութիւնը դեռ աւարտած չէ: Այժմ սահմանադրականները պէտք է ներկայացնեն իրենց փաստերը եւ գիտեմ, որ անոնցմէ շատերը պիտի պաշտպանեն թուղթի սահմանադրականութիւնը»,(ըսած է ան):








All the contents on this site are copyrighted ©.