2012-02-01 13:26:16

Քաշմիրի Քրիստոնեայ Դպրոցները Թիրախ Են Ծայրայեղ Մահմետականներու։


Հնդկաստանի Քաշմիր շրջանի քրիստոնեայ դպրոցները, թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու։ Այս վերջինները ամբաստանած են քրիստոնեաները որպէս մարդորսորդներ։ Յայտնենք, որ Քաշմիրի մահմետական ատեանի կողմէ վերջերս կաթողիկէ եւ բողոքական չորս քարոզիչներու վտարումէն ետք, մահմետականները սկսած են իրենց յարձակումները կեդրոնացնել քրիստոնեայ դպրոցներու դէմ։ Նշենք որ Քաշմիր շրջանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետական են։ Քրիստոնեայ դպրոցները յաճախող՝ 7.000 աշակերտներուն 99 տոկոսը մահմետական է։ Այդ դպրոցները, աւելի քան մէկ դար է որ կը գործեն Քաշմիրի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.