2012-02-01 13:23:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշանթի 1 փետրուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ համախմբուած՝ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները անդրադարձաւ Յիսուսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ արտասանած աղօթքին։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Աւետարաններէն ի յայտ կու գայ որ Յիսուս չէր ուզեր առանձին մնալ։ Ուստի իր հետ կը տանի երեք աշակերտներ, Պետրոսը, Յակովբոսն ու Յովհաննէսը։ Այդ պահուն Յիսուս լիովին կը յանձնուէր իր Հօր կամքին, աղօթքի միջոցաւ զօրակցութեան ու մօտիկութեան խնդրանք մը ու միեւնոյն ժամանակ հրաւէր մը ուղղեց ամէն մէկ աշակերտին, իրեն հետեւելու՝ Խաչի Ճանապարհի վրայ։
Ակնարկելով սաղմոսերգուին Յիսուս կը յայտնէ << Հոգիս տխուր է ի մահ>>։
Հին կտակարանի մէջ ալ՝ Աստուծոյ պատգամաւորները իրենց առաքելութեան ընթացքին հանդիպեցան թշնամութիւններու, մերժումի ու հալածանքի։
Մարգարէներ՝ Մովսէսն ու Եղիան իրենց յանձնուած ժողովուրդին բերը անցկութեամբ տարին։ Յիսուս ալ կը ճանչնայ առանձնութիւնը եւ կ՛ապրի մարդու վախը անխուսափելի մահուան դիմաց։ Այս աղօթքին մէջ ի յայտ կու գայ Յիսուսի սէրը հանդէպ իր Հօր։ Յիսուս կը խնդրէ իր Հօրմէն որ հեռացնէ իրմէ այս բաժակը, բայց ապա՝ յօժարակամ կ՝ընդունի անոր կամքը։ Իր հնազանդութեամբ՝ Յիսուս Աստուծոյ կը մղէ մարդկային կամքը որ մեղքի պատճառաւ հեռացած էր Աստուծմէ։ Այսպէսով է որ մարդ արարածը կը փրկուի ու կ՛ընդունի իր իսակական բնոյթը, ըլլալու՝ ՜՜ Աստուծոյ որդի՝՝։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն մատնանշելով՝ Ս. Տոն Պոսքոյի տօնը որ կատարուեցաւ երեքշաբթի 31 յունուարին ու նշելով նոր սերունդի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը կեանքի՝ մարդկային ու հոգեւոր արժէքներուն հանդէպ։
Սիրելի երիտասարդներ, ձեր վրայ կը հայցեմ երիտասարդներու սուրբին օրհնութիւնը մաղթելով որ հանդիպիք իմաստուն դաստիարակներու եւ վստահ առաջնորդներու, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով՝ սիրելի հիւանդներ, ձեր անձկութիւնները, նուիրուած Տիրոջ՝ թող պտղաբեր դարձնէ եկեղեցւոյ յանձնառումը երիտասարդութեան աշխարհի նկատմամբ . եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, եղէք ձեր զաւակներուն առաջին եւ անփոխարինելի դաստիարակները։
Սրբազան Քահանայապետը ապա տուաւ իր հայրաթան օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.