2012-02-01 13:25:35

Չինաստանի՝ Մոնկոլ Շրջանին Մէջ Ձերբակալուած Են Հինգ Քահանաներ։


Պետութենէն չճանչցուած՝ հինգ կաթողիկէ քահանաներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն Մոնկոլ շրջանին մէջ, յունուար 30-ին՝ ձերբակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ, մինչ միասին խորհրդաժողով կը կատարէին։ Տեղական իշխանութիւնները ոչ մէկ դրդապատճառ տուին այդ ձերբակալութեան համար։ Մոնկոլի շրջանը ունի պետութենէն ճանչցուած՝ եպիսկոպոս մը, յանձին գերապայծառ Բոլ Քինկլուի, ճանչցուած՝ Ս. Աթոռէն ու պետութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.