2012-02-01 13:27:11

Մարոնիներու Ալ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց ՀՅԴ.ի Պատուիրակութիւնը


Լիբանանցի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան:
Նախ եւ առաջ պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին նուիրեց հայկական գրաւուած հողերն ու եկեղեցիները ներկայացնող «Երկիր» հատորն ու Ֆրանսական համալսարանի հրատարակութեամբ հայոց տարագրութիւնը պատող «Գաղթականներ» արաբերէն հատորը:
Ապա, 45 վայրկեան տեւողութեամբ երկարատեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան եւ պատրիարք հօր միջեւ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի տեսակցութիւնը Ռայի պատրիարքին հետ, ուր ան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ այս իմաստով արդարութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան: Ռայի պատրիարք խօսած է նաեւ հատուցումի եւ հայկական եկեղեցապատկան կալուածներուն մասին:
Արծարծուեցան նաեւ լիբանանեան ներքին կեանքը յուզող հարցեր, որոնց կարգին` երկխօսութեան, կառավարութեան աշխատանքին, քրիստոնեայ կողմերու գործակցութեան եւ ընտրական արդար օրէնքի մը մշակման անհրաժեշտութեան մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.