2012-02-01 13:27:30

Լիբանանի Մէջ Հ Հ Դեսպան Աշոտ Քոչեարեան Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Երեքշաբթի՝ 31 յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու փետրուար ամսուան վերջաւորութեան` 23-25 փետրուար 2012-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ցեղասպանութեան միջազգային համագումարին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերջերս Լիբանան տուած այցելութեան, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:
Այս առիթով վեհափառը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի բանակին կազմութեան 20-ամեակը եւ գնահատեց բանակին վճռական դերը` Հայաստանի պաշտպանութեան ու հզօրացման աշխատանքներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.