2012-02-01 13:26:59

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ։
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ


Չորրորդ դարու մեր առաջին հեղինակն է Ագաթանգեղոս` որ անուն մը ըլլալէ աւելի, կը թուի ըլլալ տիտղոս մը տրուած հայկական պատմութեան առաջին ձեռնարկողին։ Յունարէն լեզուով, Ագաթա-անկելոս կը նշանակէ բարի հրեշտակ։ Իսկ այս փաղաքշական անունը կրող անձը անձնական քարտուղարն էր Տրդատ թագաւորին` որ զինք հետը բերած էր Հռոմէն։ Ուստի ազգով Հռովմայեցի էր եւ պաշտօն ունէր գրի առնելու ամէն ինչ որ կը պատահէր հայ արքունիքէն ներս։ Ան կը խօսէր լատիներէն եւ յունարէն ու իր պատմութեան գիրքը գրեց յունարէն լեզուով որ այդ դարերուն ընդհանուր լեզուն էր եւ ամենուրեք կը խօսուէր։ Վերջն է որ պատմութիւնը թարգմանուեցաւ հայերէնի` գրերու գիւտէն ետք։
Իրմէ վերջ եկող բոլոր հեղինակները մեծ գովասանքով կը խօսին իր մասին. Հռոմայ մէջ ծնած ու դաստիարակուած հանճար մըն է կ՚ըսէ Խորենացին. յաջող քարտուղար Տրդատայ կը կոչէ զինք Զենոբ Գլակ. այր բանիբուն գիտութեամբ եւ լի ամենայն հրահանգիւ` ստուգաբան ի կարգադրութիւն ճառից կ՚ըսէ իր մասին Ղազար Փարպեցին։ Ագաթանգեղոս նախ կը հաւաքէ իրմէ առաջ ասդին անդին գրուած պատմութիւնները հայ ժողովուրդին ու անոնք ի մի կը համախմբէ. ապա կը պատմէ Տրդատի կեանքն ու պատերամները` ինչպէս նաեւ Հայաստանի դարձը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեամբ։ Կը պատմուի թէ նոյնիսկ Պարսից Շապուհ թագաւորը կը խնդրէ որ իր լեզուով թարգմանուի գրութիւնը եւ զայն կարդալէ ետք` կը համբուրէ գիրքը եւ մեծամեծ գովեստներ կը հիւսէ գրողի մասին։
Մեր ձեռքը հասած ձեռագրերուն մէջ կայ նաեւ յունարէն ընթօրինակութիւն մը բնագրէն` ինչ որ աւելի հարազատութիւն կը շնորհէ մատեանին։ Ագաթանգեղոս կը խօսի Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի Հայաստան կատարած առաքելութեան մասին եւս։ Իսկ պատմութիւններու պատմութիւնը` Հայաստան աշխարհի դարձն է դէպի քրիստոնէութիւն` ձեռամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի։ Վստահաբար նաեւ հեղինակը առաջին դարձի եկող անձերէն մին է` որով բացառիկ խանդավառութիւն ցոյց կու տայ քրիստոնէական հաւատքի նկատմամբ։ Ինքզինք երջանիկ կը նկատէ որ այս բարեբեր դարուն մէջ կ՚ապրի եւ որ ականատես եղած է դէպքերուն զոր կը պատմէ։
Կը պատմէ նաեւ ճամբորդութիւնը Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատի դէպի Հռոմ` ինչ որ ոմանց կողմէ կը նկատուի որպէս վերջէն աւելցած գրութեան վրայ։ Ամէն պատմութեան մէջ ինքնաբերաբար կը մտնեն նաեւ առասպելախառն պատմուածքներ` ինչ որ չի խեղաթիւրեր արժէքը պատմութեան։
Արդեօ՞ք Ագաթանգեղոս հայերէն կը խօսէր. վստահաբար այո` քանի երկար տարիներ ան ապրած է Հայոց արքունիքին մէջ։ Ան գրեց այս պատմութիւնը հրամանաւ մեծն Տրդատ թագաւորին` որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան իմանալ իրենց ծագումը եւ պարծենալ անով։ Թէ սակայն նոյն պատմութիւնը ինչպէս կը հասնի մինչեւ Պապ թագաւորը` վստահաբար ուրիշ գրիչ մը աւելցուցած է մնացեալ պատմութիւնը հայ թագաւորներու` քանի Ագաթանգեղոս չր կրնար այդքան երկար ապրած ըլլալ։
Հեղինակին գիրքը կը բաժնուի երեք մասերու. Առաջին մասին մէջ կ՚ամփոփէ Լուսաւորչի` Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց վկայաբանութիւնները. երկրորդ մասը հեղինակին իսկ կողմէ կոչուած է. վարդապետութիւն սրբոյն Գրիգորի առն Աստուծոյ. իսկ երրորդ մասը կը պատմէ դարձ փրկութեան աշխարհիս Հայաստան ընդ ձեռն սրբոյ նահատակի։ Ասոր կ՚աւելնայ Դաշանց թուղթ կոչուած գրութիւնը` որուն մէջ կը պատմուի Տրդատի եւ Գրիգորի Հռոմ ճամբորդութիւնը եւ հանդիպումը Կոստանդիանոս թագաւորին ու Հռոմի Սրբազան Պապին` Սուրբ Սեղբեստրոս Առաջինի հետ։ Ըստ այս գրութեան` Հայաստան եւ Հռոմ իրար օգնութեան դաշինք կնքած էին` որով նեղութեան պարագային` Հռոմը պիտի փութար օգնելու Հայաստանի։
Ագաթանգեղոս ունի իւրայատուկ ու վայելուչ ոճ մը. իր պատմութիւնը շատ յստակ է եւ լեզուն միաժամանակ պարզ եւ արտայայտիչ։ Իր հաւատքը կ՚արտացոլայ իր գրուածքներուն մէջ` որովհետեւ համոզուած քրիստոնեայ մըն է։ Մեր պատմութեան ռահվիրան կարելի է սեպել զինք` որովհետեւ ամենաթանկագին վկայութիւնը կը կազմէ հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման սուրբ պատմութեան։
Մեր ազգային պատմութեան լաւագոյն բաժինը կը կազմէ Ագաթանգեղոսի այս գրութիւնը։ Անով մենք կը պարծենանք բոլոր ազգերու առջեւ` որովհետեւ հոն կայ վկայութիւնը թէ Հայ ժողովուրդը աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը հանդիսացաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.