2012-01-31 12:07:06

Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած՝ Արարողութիւնները։


Փետրուար ամսուայ ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները։
2 Փետրուարին՝ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը որուն կը մասնակցին նաեւ Նուիրեալ կեանքը ընտրող կրօնաւոր կրօնաւորուհիները որ նոյն օրը կը նշեն ՜՜Նուիրեալ Անձերու՝՝ համաշխարհային օրը։

Շաբաթ 18 փետրուարին՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ ժամը 10.30-ին, Նորին Սրբութիւնը պիտի նախագահէ կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողովը որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Կարտինալական Աստիճան պիտի շնորհէ 22 նոր կարտինալներուն ու ապա տեղի պիտի ունենայ Սուրբերու եւ երանելիներու դատերու քուէրակումը։

Կիրակի 19 փետրուարին՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Սուրբ Պետրոսի մէջ, նոր նշանակուած կարտինալներու հետ միասին կը համապատարագէ։

Կիրակի 26 փետրուարին քառասնորդաց առաջին կիրակին է (ըստ լատինաց) երեկոյեան ժամը 18-ին Redemptoris Mater մատրան մէջ, սկիզբ կ՛առնեն քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութիւնը, որ վերջ կը գտնէ շաբաթ 3 մարտի առաւօտեան ժամը 9ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.