Փետրուար ամսուայ համար, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական
դիտաւորութիւն` աղօթել որպէսզի բոլոր ազգերուն մատչելի դառնայ ջուրը ու ամենօրեայ ապրուստի
անհրաժեշտ կենսամիջոցները։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը առաջարկած է աղօթել որպէս առաքելական
դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի աղքատ նահանգներու մէջ հիւանդներուն եւ տարեցներուն
հոգատարութեամբ զբաղող առողջապահութեան գործիչներու ջանքներուն։