2012-01-31 12:14:35

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութիւնը Կ'ուզէ Օգնութեան Հասնիլ Յունաստանին։


Կիւրեղ Ա. պատրիարքը Համայն Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցիէն խնդրեց որ հանգանակութիւն կատարեն օգնութեան հասնելու համար Յունաստանին, որ ֆինանսական ծանր տագնապի մը առջեւ կը գտնուի։
Կիւրեղ պատրիարքը ընդունելով Նոր հանրավարութեան նախագահը՝ Սամարաս յիշեցուց որ Ռուս եւ Յոյն եկեղեցիները միշտ ունեցած են եղբայրական կապեր։ Քաղաքական կացութիւնները կարող են տարուբերուիլ եւ փոխուիլ, սակայն մեր կապերը միշտ ամուր եղած են։ Նախագահ Սամարաս իր կարգին հաստատեց որ ֆինանսական վերլուծումներէն անդին, յոյն ժողովուրդը կարիքն ունի հոգեւոր վերազարթնումի ու վերելքի, լաւագոյնս դիմագրաւելու ներկայ ընկերային ու տնտեսական տագնապը








All the contents on this site are copyrighted ©.