Սրբազան Քահանայապետի Գուպա Կատարելիք Առաքելական ճամբորդութեան Առթիւ, Համայնավար Կառավարութիւնը
3.000 Բանտարկեալներ Ազատ Արձակած Է։
Վատիկանի մօտ Գուպայի դեսպանը հաղորդելով մամուլին 3.000 բանտարկեալներու ներումի լուրը,
իր խնդակցութիւնը յայտնած է իր կառավարութեան ցուցաբերած բարեացամակութեան համար։ Ան
յոյս յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը ըլլայ ''գեղեցիկ ու դրական'', եւ
միաժամանակ ընդգծեց որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը անբաժան մէկ մասն է Գուպայի ժողովուրդին։
Նշնք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գուպան պիտի այցելէ յառաջիկայ 26-28 մարտ։