2012-01-30 13:44:23

Նեպիլ Արապի Կը Սառեցնէ Սուրիոյ Մէջ Արաբ Դէտերու Գործունէութիւնը։


Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շաբաթ օր որոշեց Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու աշխատանքը սառեցնել, անապահով մթնոլորտի պատճառաբանութեամբ։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դատապարտեց այս որոշումը «Մենք ապշած ենք, որ դէտերու պատուիրակութեան առաքելութիւնը ամիս մը եւս երկարաձգելու որոշում տալէ ետք կարգ մը երկիրներ, մասնաւորաբար Պարսից Ծոցի երկիրները պատուիրակութեան անդամ իրենց դէտերը տուն կանչած են», ըսաւ ան:

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին երէկ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու արաբական նախաձեռնութեան զօրակցութեան համար պատրաստուող բանաձեւին նկատմամբ իրենց կեցուածքը փոխեն` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ Սուրիոյ մէջ կացութեան շուրջ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան»: Նշենք, որ Արապի վաղը Ապահովութեան Խորհուրդին պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ հարցով արաբական վերջին նախաձեռնութիւնը:
Մինչ այդ, Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտարարեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու պատուիրակութեան կացութիւնը:
Միւս կողմէ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մօտ գտնուող քրիստոնէական յայտնի Սսրբատեղիներէն Սետնայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մայրապետը` քոյր Վերոնիքա, լրագրողներուն յայտնեց, որ Վանքին դիմաց գտնուող լերան կողմէն հրետանիէ մը արձակուած հրթիռ մը հարուածած է վանքի հիւսիսային սենեակներէն մէկը` պատճառելով նիւթական վնասներ: Նշենք, որ անծանօթ զինեալներ վերջերս սպաննած էին Յոյն ուղղափառ քահանայ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.