Երուսաղէմի Մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կալուածներու Շուրջ Վատիկան-Իսրայէլ Համաձայնութիւն։
Վատիկան եւ Իսրայէլ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ Երուսաղէմի
մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներուն տնտեսական եւ տուրքերու վերաբերող հարցով
Ժողովի ընթացքին խորքային յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ,
որ երկու կողմերէն կազմուած միացեալ յանձնախումբը իր ժողովը գումարած է Իսրայէլի արտաքին
գործոց նախարարութեան մէջ: Վատիկանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Վատիկանի` պետութիւններու
հետ յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար Էթորէ Պալեսթրերօ եպիսկոպոսը, իսկ իսրայէլեան
պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն: Բանակցութեանց
մօտիկ աղբիւր մը կը յայտնէ, որ տուրքի եւ սեփականութեան խլման օրէնքներուն շուրջ տարակարծութիւնը
կարելի եղած է լուծել` նշելով, որ «քաղաքապետական, կալուածային ու կաթողիկէ հաստատութեանց
գործունէութեանց տուրքերուն, ինչպէս նաեւ հողերու սեփականութեան խլման հարցերուն շուրջ
համաձայնութիւններ գոյացան»: