2012-01-29 10:44:00

Տիկին Հիլտէկարտ Պուրժան Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր Վիէննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հիլտէկարտ Պուրժանի Երանացումը։ Ան աշխարհական,եւ մայր ընտանիքի, հիմնադրուհին է ՝՝Գարիթաս Սոչիալիս՝՝ կոչուած կրօնական հասարակութեան։ Ծնած էր Կէօրլիթզ(Գերմանիա) 1883ին հրեայ ծնողքէ մը։ Կ՝ուսանի գրականութիւն,փիլիսոփայութիւն եւ ընկերաբանութիւն Զուիցերիա ու ապա Գերմանիա,եւ 1907ին կ՝ամուսնանայ հունգարացի գործատէր Ալէքսանտէր Պուրժանի հետ։ 1909ին Հիլտէկարտ զարմանալիօրէն կը բժշկուի ծանր հիւանդութենէ մը ,որ զինք դարձի կը մղէ քրիստոնէութեան։
Հիլտէկարտ շուտով կը սկսի հետաքրքրուիլ առօրեայ ընկերային հարցերով յատկապէս այն ինչ որ կը հայի աշխատանքի պայմաններուն ու յատուկ կերպով աղքատ կիներու ու անոնց երախաներու կեանքի պայմաններուն ։ 1912ին կը հիմնէ ՝՝ Աշխատող Քրսիտոնեայ Կիներու Ընկերութիւնը՝՝ իսկ 1918ին ՝՝ Ընկերային Օժանդակութեան Ընկերութիւնը՝՝։ Բայց Հիլտէկարտ Պուրժանի մեծ յաջողութիւնը կը մնայ աղքատներու ի սպաս Կրօնական Հասարակութեան Հիմնադրութիւնը ,4 հոկտեմբեր 1919ին Գարիթաս Սոչիալիս (Caritas Socialis) անունով,որ մասնաւորապէս կը զբաղի կեանքի դժուար պայմաններու մէջ գտնուող կիներով ու երախաներով։
1919ին Հիլտէկարտ Պուրժան կը դառնայ Աւստրիոյ Խորհրդարանի առաջին կին անդամը,մեծ աշխատանք տանելով կիներու ու այրերու միջեւ հաւասարութեան հաստատման համար ՝ընկերային ու աշխատանքային բոլոր մարզերէն ներս ։ Կը վախճանի 11 Յունիս 1933ին Վիէննա։








All the contents on this site are copyrighted ©.